Monday, December 6, 2010

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Խնամակալութիւնը կազմակերպեց տարեկան ճաշկերոյթը որ տեղի ունեցաւ
Կիրակի Նոյեմբեր 28, 2010-ին Եկեղեցւոյ վարի սրահին մէջ: Ճաշկերոյթը սկսաւ Պատուելի Հրայր Չոլագեանի կէսօրուան աղօթքով որմէ ետք ժողովուրդը ճաշակեց տիկնանց միութիան պատրաստած համեղ ճաշերը: Պատուելի Հրայր Չոլագեան ներկայացուց մի քանի տեսաերիզներ որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մտածել տուին: Հէնրի Իշխանեան դաշնամուրին վրայ գեղեցիկ կտոր մը հրամցուց: Ճաշկերոյթին աւարտին Վեր. Դոտկ. Փօլ Հայտօսթեանի օրհնութեան աղօթքով բաժնուեցանք:

Monday, June 21, 2010

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Հայրերու Օր,Յունիս 20, 2010:

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցին տօնեց Հայրերու Օր, Կիրակի, Յունիս 20, 2010-ին:
Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Ք.Ջ. Ընկերակցութիւնը ստանձնած էր պաշտամունքը: Շուշան Արթինեան՝ կոչ պաշտամունքի,երգի առաջնորդութիւն եւ powerpoint-ի պատրաստութիւն, Ռոզի Սաիլեան՝ աղօթքի առաջնորդ, Լուտեր Արթինեան՝ Փոխասաց ընթերցում եւ Արա Գոճատելեան Սուրբ Գիրքի ընթերցում: Վեր. Յակոբ Սարգիսեան փոխանցեց օրուան պատգամը ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ 4 անդամներ, Լեւոն Պապիկեան, Պատ. Հրայր Չոլաքեան, Օրդ. Անի Պուճիգանեան եւ Տիկ. Լորիս Տօնապետեան, տուին իրենց մեծհօր, հօր, եւ ընդհանուր հայրերու մասին վկայութիւններ: Հայրերու Օրուան առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ ի յիշատակ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ պատկանող մեզմէ բաժնուած հայերուն (կրնաք դիտել հետեւեալ link-ին վրայ կոխելով):
href="http://www.youtube.com/watch?v=REZ_pZUIPf8">
Պաշտամունքի վերջաւորոթեան հայրերը եւ ամուրի այրեր հաւաքուեցան խմբային նկարի համար որմէ ետք բաժնուեցաւ հայրերուն էջանիշեր 'souvenir bookmarks': Հիւրասիրութիւնը կ'ընդգրկեր, Տիկնանց միութեան կողմէ նուիրուած Հայրերու Օրուայ յատուկ կարկանդակ մը որ հատուեցաւ հայրերուն կողմէ:


Sunday, May 16, 2010

Մայրերու Օր Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի Մէջ


Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը Մայրերու օրուան առթիւ յատուկ յայտագիր մը պատրաստած էր, Կիրակի Մայիս 16, 2010-ին: Մուտքին գեղեցիկ ծաղիկներ բաժնուեցան իւրաքանչիւր մայր, տիկին կամ օրիորդի: Պաշտամունքը առաջնորդեց Տիկ. Անահիտ Քարակէօզեան. Ան նաեւ Տիկնանց Միութեան անունով ներկայացուց յուշանուէր մը որ պիտի տրուի տիկ. Աստղիկ Չոլաքեանի յառաջիկայ Հինգշաբթի Մայիս 20, 2010-ին: Պաշտամունքին իրենց մասնակցութիւն բերին նաեւ տիկիններ Սիլվա Սարգիսեան եւ Էլիզ Գոճատելեան : Տիկ. Կարինէ Աճէմեան կարդաց մայրերու նուիրուած բանաստեղծութիւն մը: Տիկնանց երգչախումբը հրամցուց Մայրերու գեղեցիկ երգ մը: Վեր. Յակոբ Սարգիսեան կատարեց Մարիա Էլմաճեանի մկրտութիւնը որմէ ետք Տիկ. Կարինէ Չոլաքեան օրուան պատգամը փոխանցեց: Բաժին վերցուց նաեւ տիկ. Ռուպինա Արթինեան՝ դաշնամուր: Պաշտամունքէն ետք հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան հաճելի պահ մը ունեցանք: