Monday, May 30, 2011

Մայրերու Օրուայ Ճաշկերոյթ

Կիրակի Մայիս 22,2011-ին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր Մայրերու Օրուայ յատուկ ճաշկերոյթ մը: Բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի, Տիկ. Անահիտ Քարակէօզեան, որմէ ետք Պատ. Հրայր Չոլագեանի աղօթքով ճաշկերոյթը սկսաւ: Ճաշէն ետք ներկաները դիտեցին մայրերու նուիրուած 2 տեսաերիզներ եւ Օրիորդներ Ռոզի Սաիլեան եւ Շուշան Արթինեան ներկայացուցին Աստուածաշունչէն քաղուած 5 կարեւոր մայրեր-կիներ: Ներկաներէն՝ Տոքթ. Վահէ Քարակէօզեան մեներգեց Թռչէի Մտքով Տուն, իսկ Պրն. Նորայր Թերզեան ասմունքեց մայրերու օրուայ յատուկ ոտանաւոր մը: Վիճակահանութեան եւ նուէր բաշխումի ճոխ մթնոլորտ մը տիրեց, որուն հասոյթը պիտի հատկացուի նոր Սուրբ Գիրքերու : Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով ճաշկերոյթը վերջ գտաւ:





Sunday, May 8, 2011

Մայրերու Օր Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի Մէջ

Մայիս 8, 2011 ին Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ տիկնանցը ստանցնած էր Կիրակի օրուան պաշտամունքը:
Տիկիններ Անահիտ Քարակէօզեան, Էլիզ Գոճատելեան եւ Պատ. Հրայր Չոլագեան առաջնորդեցին պաշտամունքը: Տիկնանցը Մայրերու Օրուան յատուկ երգ մը հրամցուցին ներկաներուն Տիկ. Էլիզ Գոճատելեանի ղեկավարութեամբ: Տիկ. Կարինէ Աճեմեան ասմունքեց: Օրուան պատգամաբերն էր Դոկտ. Երուանդ Քասունի: Տիկ. Ռուպինա Արթինեան՝ դաշնամուր եւ Օրդ. Շուշան Արթինեան՝ թաւ ջութակ նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին: Պաշտամունքին աւարտին Տիկինները բաժնեցին ժողովուրդին ձեռագործ սեղանի ծածկոց մը իբր յիշատակ: Ճոխ հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան պահ մը ունեցանք եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս:







Ծաղկազարդ եւ Սբ. Զատիկ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Մէջ

Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցին տօնեց Ծաղկազարդը Ապրիլ 17,2011-ին: Պատգամաբերն էր Պատ. Հրայր Շոլագեան: Պաշտամունքին ընթացքին մանուկները հաւաքուեցան Պատուելիին շուրջ եւ ան աղօթեց իրենց համար: Պաշտամունքին ընթացքին նաեւ երկու երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին Օրդ. Արազ Տէմիրճեան՝ ջութակ, Օրդ. Լոռի Եունիսես՝ ջութակ, Օրդ. Մեղրի Պաղտոյեան՝ ջութակ, Պրն. Հէնրի Իշխանեան՝ Դաշնամուր, Օրդ. Շուշան Արթինեան Թաւ ջութակ եւ Տիկ. Էլիզ Գոճատելեան՝ դաշնամուր:





Իսկ Ապրիլ 24, 2011-ին Սբ. Զատկուան առթիւ, Հայ Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ երգչախումբը ղեկավարութեամբ Տիկ. Ռուպինա Արթինեանի, երգեցին Յարութեան 2 երգեր՝ Տաղ Յարութեան
(Նոր Ծաղիկ) եւ Կ'ապրի:
Պատգամաբերն էր Պատ. Հրայր Չոլագեան:



Պաշտամունքէն վերջ հաղորդակցութեան եւ հիւրասիրութեան պահ մը անցուցին ներկաները, որմէ ետք Վեր. Մկրտիչ Քարակէօզեան Սբ. Զատիկի շնորհաւորութիւններ ընդունեց Եկեղկեցւոյ Դահլիճ սրահէն ներս: