Monday, December 6, 2010

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տարեկան Ճաշկերոյթ

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Խնամակալութիւնը կազմակերպեց տարեկան ճաշկերոյթը որ տեղի ունեցաւ
Կիրակի Նոյեմբեր 28, 2010-ին Եկեղեցւոյ վարի սրահին մէջ: Ճաշկերոյթը սկսաւ Պատուելի Հրայր Չոլագեանի կէսօրուան աղօթքով որմէ ետք ժողովուրդը ճաշակեց տիկնանց միութիան պատրաստած համեղ ճաշերը: Պատուելի Հրայր Չոլագեան ներկայացուց մի քանի տեսաերիզներ որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը ինչպէս նաեւ ժողովուրդին մտածել տուին: Հէնրի Իշխանեան դաշնամուրին վրայ գեղեցիկ կտոր մը հրամցուց: Ճաշկերոյթին աւարտին Վեր. Դոտկ. Փօլ Հայտօսթեանի օրհնութեան աղօթքով բաժնուեցանք:

Monday, June 21, 2010

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Հայրերու Օր,Յունիս 20, 2010:

Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցին տօնեց Հայրերու Օր, Կիրակի, Յունիս 20, 2010-ին:
Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Ք.Ջ. Ընկերակցութիւնը ստանձնած էր պաշտամունքը: Շուշան Արթինեան՝ կոչ պաշտամունքի,երգի առաջնորդութիւն եւ powerpoint-ի պատրաստութիւն, Ռոզի Սաիլեան՝ աղօթքի առաջնորդ, Լուտեր Արթինեան՝ Փոխասաց ընթերցում եւ Արա Գոճատելեան Սուրբ Գիրքի ընթերցում: Վեր. Յակոբ Սարգիսեան փոխանցեց օրուան պատգամը ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ 4 անդամներ, Լեւոն Պապիկեան, Պատ. Հրայր Չոլաքեան, Օրդ. Անի Պուճիգանեան եւ Տիկ. Լորիս Տօնապետեան, տուին իրենց մեծհօր, հօր, եւ ընդհանուր հայրերու մասին վկայութիւններ: Հայրերու Օրուան առթիւ պատրաստուած յատուկ տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ ի յիշատակ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ պատկանող մեզմէ բաժնուած հայերուն (կրնաք դիտել հետեւեալ link-ին վրայ կոխելով):
href="http://www.youtube.com/watch?v=REZ_pZUIPf8">
Պաշտամունքի վերջաւորոթեան հայրերը եւ ամուրի այրեր հաւաքուեցան խմբային նկարի համար որմէ ետք բաժնուեցաւ հայրերուն էջանիշեր 'souvenir bookmarks': Հիւրասիրութիւնը կ'ընդգրկեր, Տիկնանց միութեան կողմէ նուիրուած Հայրերու Օրուայ յատուկ կարկանդակ մը որ հատուեցաւ հայրերուն կողմէ:


Sunday, May 16, 2010

Մայրերու Օր Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի Մէջ


Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը Մայրերու օրուան առթիւ յատուկ յայտագիր մը պատրաստած էր, Կիրակի Մայիս 16, 2010-ին: Մուտքին գեղեցիկ ծաղիկներ բաժնուեցան իւրաքանչիւր մայր, տիկին կամ օրիորդի: Պաշտամունքը առաջնորդեց Տիկ. Անահիտ Քարակէօզեան. Ան նաեւ Տիկնանց Միութեան անունով ներկայացուց յուշանուէր մը որ պիտի տրուի տիկ. Աստղիկ Չոլաքեանի յառաջիկայ Հինգշաբթի Մայիս 20, 2010-ին: Պաշտամունքին իրենց մասնակցութիւն բերին նաեւ տիկիններ Սիլվա Սարգիսեան եւ Էլիզ Գոճատելեան : Տիկ. Կարինէ Աճէմեան կարդաց մայրերու նուիրուած բանաստեղծութիւն մը: Տիկնանց երգչախումբը հրամցուց Մայրերու գեղեցիկ երգ մը: Վեր. Յակոբ Սարգիսեան կատարեց Մարիա Էլմաճեանի մկրտութիւնը որմէ ետք Տիկ. Կարինէ Չոլաքեան օրուան պատգամը փոխանցեց: Բաժին վերցուց նաեւ տիկ. Ռուպինա Արթինեան՝ դաշնամուր: Պաշտամունքէն ետք հիւրասիրութեան եւ հաղորդակցութեան հաճելի պահ մը ունեցանք:

Tuesday, July 21, 2009

Պաշտամունքներ եւ Գործունէութիւններ

- Կիրակի 6 Յունիս Մայիսի, 2010ին, պաշտամունքի առաջնորդութիւն եւ պատգամաբեր՝ Վեր. Յակոբ Սարգիսեան: Բաժին վերցուց նաեւ Տիկ. Էլիզապէթ Գոճատելեան՝ դաշնամուր:

- Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի Տիկնանց պաշտամունքները կը շարունակուին ամէն Հինգշաբթի, առաւօտեան ժամը 10.30 ին, եկեղեցիին դահլիճին մէջ: Հինգշաբթի, 10 Յունիսի, 2010-ին, պաշտամունքի առաջնորդութիւն եւ պատգամաբեր՝ Տիկ. Սիլվա Սարգիսեան, նիւթ՝ «Միութիւն Աստուծոյ ընտանիքէն ներս»: Բաժին վերցուց նաեւ Տիկ. Էլիզ Գոճատելեան դաշնամուր:

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆ

Կոչ Հովուական դասարանի եւ հաղորդական անդամակցութեան: Փափաքողներէն կը խնդրուի կապ հաստատել եկեղեցիի գրասենեակին հետ:

- Միութեան ԿԶ. Համաժողով՝ 4-7 Յուլիսի, 2010-ին: Տեղի պիտի ունենայ Հայ Աւետարանական Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցիին մէջ, Քեսապ, Սուրիա: Որպէս ընդհանուր նիւթ ընտրուած է «Սորվի՞լ, Թէ՞ Չսորվիլ.Այս Է Էականը», որ նկատի պիտի առնէ թէ Եկեղեցին ինչեր ունի սորվելիք, այսօրուայ աշխարհին մէջ իր առաքելութիւնը կատարելու համար: Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Պատուիրակն է՝ Տիկ. Լորիս Տօնապետեան իսկ Պատուոյ հիւր՝ Տիկ. Թէնի Հասըրճեան:

ð ՄԻԱՑԵԱԼ ԺՈՂՈՎ 20 Յունիս, 2010 –ին, Եկեղեցիի պաշտամունքէն ետք:

Ամառնային Համագումարներ

ա. Մանուկներու՝ 19 – 25 Յուլիս, 2010, Այնճար:

բ. Ք.Ջ. Պատանեաց՝ 12 – 18 Յուլիս, 2010, Այնճար:

գ. Ք.Ջ. Երիտասարդաց՝ 23 – 29 Օգոստոս, 2010, ՔՋԱԿ:

դ. Զոյգեր՝ 27 – 29 Յուլիս, 2010

-------------------------------------

Վեր. Աւագ Աւագեան

Վկայագրութիւն

ՀԱՒԱՏՔԻ ԾԱՌԱՅԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

ՀԱՍԱՆՊԷՅԼԻԷՆ (ԿԻԼԻԿԻԱ) ՍԱՌՆԻԱ (ԳԱՆԱՏԱ)

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

ԴԷՄՔԵՐ, ԴԷՊՔԵՐ, ՎԱՅՐԵՐ

Գիրքի վաճառքէն գոյացած գումարը հաւասարապէս պիտի տրամադրուի Այնճարի Հայ Աւետ. Երկրորդական Վարժարանի գիշերօթիկին եւ Հայ Աւետ. Պատմութեան նուիրուած հատորի մը հրատարակութեան ծախսերուն:

Հատորի գին նշանակուած է 20,000 լ.ո.: Նուիրատուութիւններ սիրով կ'ընդունուին:

Կիրակնօրեայ Պաշտամունք

Քարոզ....................................... կ.ա. ժամը 10.00
Կիրակնօրեայ Դպրոց...................... կ.ա. ժամը 10.00
Շաբաթամիջի Գործունէութիւններ
ՔՋ պաշտամունք.......................... Երեքշաբթի կ.ե. ժամը 7.00
Պատանեաց պաշտամունք............... Ուրբաթ կ.ե. ժամը 4.30
Մարզական երեկոյ......................... Երեքշաբթի կ.ե. ժամը 8.00
Հ.Ա.Մ.Մ.................................... Չորեքշաբթի կ.ե. ժամը 7.00
Աստուածաշունչի Սերտողութիւն....... Հինգշաբթի կ.ա. ժամը 9.45

Thursday, April 2, 2009