Յունուար 6 2011-ի Ծննդեան պաշտամունքէն վերջ,Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ատենապետ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան Սբ. Ծննդեան առթիւ շնորհաւորութիւններ ընդունեց Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ:
Sunday, January 30, 2011
Tuesday, January 25, 2011
Սուրբ Ծննդեան Պաշտամունք 2011
Յունուար 6, 2011ին Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցին ունեցաւ իր Սբ. Ծննդեան պաշտամունքը: Պատգամաբերն էր Պատուելի Հրայր Չոլագեան: Օրդ. Մեղրի Պաղտոյեան՝ ջութակ, Օրդ. Շուշան Արթինեան՝ թաւջութակ եւ Տիկ. Ռուպինա Արթինեան՝ դաշնակ ընկերակցեցան պաշտամունքի երգերուն: Երգչախումբը հրամցուց Ծննդեան 3 երգեր ղեկավարութեամբ տիկ. Ռուպինա Արթինեանին: Պաշտամունքէն ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի սրահը հիւրասիրուելու, աւետումի յատուկ ձայնասկաւարակներ ստանալու եւ հաղորդակցութեան մտերմիկ պահ մը ունենալու:
Tuesday, January 4, 2011
Հաղորդութիւն եւ Աւետում Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Անկար Անդամներուն
Յունուար 3, 2011-ի գիշերը, Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ երիտասարդներէն չորս հոգի, Ռոզի Սաիլեան, Լուտեր Արթինեան, Արա Գոճալետեան եւ Շուշան Արթինեան, այցելեցին եկեղեցիի անկար անդամներու տուները առաջնորդութեամբ Պատուելի Հրայր Չոլագեանի մատակարարելու հաղորդութիւնը եւ աւետելու Յիսուս մանուկի Սուրբ Ծնունդը: Այս Խումբը այցելեցին Տիկ. Ալիս Մանուկեան, Տիկ. Աստղիկ Չոլագեան, Տիկ. Ժիւլիէթ Թերզեան, Օրդ. եւ Պրն. Պապոյեանները, Տիկ. Լիւսի Էքմէքճի, Պրն. Յակոբ Գոճատելեան եւ Պրն. Ժոզէֆ Գրիգորեան:
Subscribe to:
Posts (Atom)