Կիրակի, Յուլիս 10, 2011-ին երեկոյեան ժամը 6 -ին, Քջակի մէջ տեղի ունեցաւ Ճորճ Միհրան Գասարճեան Սենեակներու բացումը կազմակերպութեամբ Քրիստոնէական Ջանից Միութեան Գործադիր Մարմինին: Յայտագիրը սկսաւ Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի բացման խօսքով՝ որմէ ետք ժողովուրդը երգեց Շնորհակալութիւն երգը յոտնկայս: Ապա Պրն. Անդօ Մսըրլեան մեներգեց Պրն. Շահան Քիլաղպեանի ընկերակցութեամբ՝ դաշնամուրի վրայ: Ասոր յաջորդեց Պրն. Կարպիս Տէիրմէնճեան եւ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Քջակի պատմութիւնը եւ նպատակը: Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք նիւթական ձեւով օգնած են Քջակի շինարարութեան: Ան մասնաւորաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Պրն. Միհրան Գասարճեանի որուն առատաձեռն նուիրատուութիւնով կարելի դարձած էր վերանորոգել եւ կահաւորել 4 սենեակներ: Ապա Վեր. Մկրտիչ Քարակէօզեան եւ Պրն. Ճորճ Գասարճեան կատարեցին բացումը, որմէ ետք Պրն. Գասարճեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն: Այս ձեռնարկին նուիրուած յատուկ կարկանդակը հատեցին Տէր եւ Տիկ. Ճորճ Միհրան Գասարճեաններ եւ Վեր. Մկրտիչ Քարակէօզեան, որուն յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ յաղորդակցութեան պահ:
Wednesday, July 13, 2011
Subscribe to:
Post Comments (Atom)
No comments:
Post a Comment