Monday, May 30, 2011

Մայրերու Օրուայ Ճաշկերոյթ

Կիրակի Մայիս 22,2011-ին, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութիւնը կազմակերպած էր Մայրերու Օրուայ յատուկ ճաշկերոյթ մը: Բացման խօսքը կատարեց Տիկնանց Միութեան ատենապետուհի, Տիկ. Անահիտ Քարակէօզեան, որմէ ետք Պատ. Հրայր Չոլագեանի աղօթքով ճաշկերոյթը սկսաւ: Ճաշէն ետք ներկաները դիտեցին մայրերու նուիրուած 2 տեսաերիզներ եւ Օրիորդներ Ռոզի Սաիլեան եւ Շուշան Արթինեան ներկայացուցին Աստուածաշունչէն քաղուած 5 կարեւոր մայրեր-կիներ: Ներկաներէն՝ Տոքթ. Վահէ Քարակէօզեան մեներգեց Թռչէի Մտքով Տուն, իսկ Պրն. Նորայր Թերզեան ասմունքեց մայրերու օրուայ յատուկ ոտանաւոր մը: Վիճակահանութեան եւ նուէր բաշխումի ճոխ մթնոլորտ մը տիրեց, որուն հասոյթը պիտի հատկացուի նոր Սուրբ Գիրքերու : Վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով ճաշկերոյթը վերջ գտաւ:





No comments:

Post a Comment