Wednesday, February 9, 2011

Չոլագեան Ընտանիք Իրենց Նոր Բնակարանին Մէջ

Փետրուար 5, 2011-ի կէսօրէն ետք, Հայ Աւետարանական Առաջին Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան անդամները իրենց կողակիցներով միասին (շուրջ 15 հոգի), հաւաքուեցան Պատուելի Հրայր եւ Տիկ. Կարինէ Չոլագեաններուն նոր բնակարանը: Չոլագեան ընտանիքը Դեկտեմբեր 2010ի վերջին շաբաթը փոխադրուեցան Հայ Աւետարանական Ա. Եկեղեցւոյ Երիցատունը եւ արդէն իսկ Պատ. Հրայր կը ծառայէ Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցւոյ պաշտամունքներուն եւ եթէ Տէրը կամի Հոկտեմբեր 2011էն սկսեալ կը դառնայ եկեղեցիիս հովիւը:
Աստուած օրհնէ ձեզ եւ ձեր տունը:







No comments:

Post a Comment